2011-10-22 12:49:09

Կիլիկիոյ Հայկական Եկեղեցիներէն Մէկը` Թրքական «Յեղաբոխական Նախակրթարան»


Կիլիկիոյ Քոզան գաւառին մէջ գտնուած կառոյցը, որ նախապէս եղած է հայկական հացատուն, հիւանդանոց եւ եկեղեցի, 1920-1923 թուրքերուն կողմէ օգտագործուած է իբրեւ օրիորդաց դպրոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ www.akung.net-ը` վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» պետական լրատուական գործակալութիւնը:
Կառոյցը հետագային եւս վերածուած է նախակրթարանի եւ ստացած «Յեղափոխական նախակրթարան» անուանումը: Ինչպէս կը նշէ թրքական աղբիւրը, դպրոցին տնօրէնութիւնը միջոցներու ձեռնարկած է` դպրոցին պատմութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ:
Այսպէս` 1920-1923-ին հայկական եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ օրիորդաց դպրոց բացուած եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք «Յեղափոխական նախակրթարան» վերանուանուած կրթօճախի որոշ հին իրեր խնամքով պահպանուած են եւ կը ցուցադրուին դպրոցի մուտքի մէկ անկիւնը: Դպրոցի տնօրէն Հիւզէյֆէ Ֆընտըք «Անատոլու» գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտած է, որ «նման քայլերու շնորհիւ աշակերտներուն մէջ պիտի զարգանայ պատմական գիտակցութիւնը»:
Փաստօրէն, թուրք ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն համար պատմութիւնը կը սկսի 1920-1923-էն:








All the contents on this site are copyrighted ©.